top of page

Առաքելութիւններ

Screenshot 2025-10-12 at 3.12.17 PM.png

Կիրակնօրեայ Ժողովներ

Անգլերէն Լեզուով Պաշտամունք՝ ժամը 9:00ին, Հայերէն լեզուով՝ ժամը 11:00ին։

Պատանեաց հանդիպում

Պատանիներու յատուկ առաքելութեան հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ իւրաքանչիւր Ուրբաթ երեկոյեան ժամը 7:00-9:30. Կը բովանդակէ՝ Փառաբանութիւն, Աստուածաշունչի պատգամ, վկայութիւններ եւ սերտողութեան պահ, որու կը յաջորդէ մարզասրահէն ներս ընկերային պահ, հիւրասիրութիւն եւ խաղեր։ Բոլոր պատանի տարիքի անհատներ սիրով հրաւիրուած են։ 

badanyats_group_2.jpg
college_career.jpg

Երիտասարդաց եւ Համալսարանական Տարիքի Առաքելութիւն

Այս խումը կը հաւաքուի իւրաքանչիւր Չորեքշաբթի եւեկոյեան ժամը 7:30ին, որտեղ ներկաներուն կը մատուցուի Աստուածաշունչի խորունկ սերտողութեան, հոգեւոր հաղորդակցութեան, ընկերային առողջ փոխ-յարաբերութիւններ մշակելու եւ հոգեւոր աճում ունենալու առիթ։  

Քոյրերու Ժողով

Քոյրերու Ժողովը տեղի կ՚ունենայ իւրաքանչիւր Հինգշաբթի առաւօտ ժամը 10:00ին, փառաբանութեան եւ աղօթքի, ինչպէս նաեւ լսելու վկայութիւններ եւ հոգեշունչ պատգամներ։ Քոյրերու ժողովը նաեւ յատուկ առիթներով կը կազմակերպէ հացկերոյթներ ու յայտագիրներ եւ նիւթապէս կ՚օժանդակէ եկեղեցիին առաքելութեան։ 

Screenshot 2026-01-11 at 11.07.36 AM.png

ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ

Փասատենայի Հայ Եղբայրութեան Աստուածաշունչի Եկեղեցին իր արմատներով կը հասնի մինչև 20-րդ դարու սկզբը Կիլիկիայի մէջ տեղի ունեցած հոգևոր արթնութեան շարժումներուն: Հիմնադրուելով հաւատարիմ եղբայրներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնէն յետո, Եղբայրութեան եկեղեցին դարձաւ երկրպագութեան, հաւաքականութեան եւ աճման վայր մը, տարբեր դաւանանքներու պատկանող հայ հաւատացեալներու համար: Մենք մաս կը կազմենք Քրիստոսի մեջ միաւորուած Եղբայրութեան Եկեղեցիներու Համաշխարհային Միութեան, որոնք նուիրուած են Աստուծոյ Թագաւորութեան ծառայելու: Այսօր, մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ հաւատարմութեան համար եւ կը շարունակենք պատրաստուիլ Քրիստոսի երկրորդ վերադարձին:

ՀԱՍՑԷ

(626) 794-8717

 

1536 E. Washington Blvd., Pasadena, CA 91104

ՀԵՏԵՒԷՔ ՄԵԶԻ

Դուք կրնաք մեր ուղիղ հեռարձակումները, ձայնագրուած ծառայություններն ու միջոցառումները գտնել YouTube ABBC Pasadena եւ հետեւեալ առցանց հարթակներու վրայ

  • Instagram
  • Facebook
  • YouTube
bottom of page