ՄԵՐ ՀԱՒԱՏԱՄՔԸ
- Կը հաւատապք որ Աստուած Սուրբ Երրորդութիւն է՝ Մէկ է սակայն երեք Անձերու մէջ՝ Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին։
- Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ շունչն է, խօսքով եւ ամբողջութեամբ ներշնչուած Սուրբ Հոգիէն բնագիրներուն մէջ, անսխալական է եւ ունի բացարձակ հեղինակութիւն մարդ արարածին հոգեւոր եւ ընկերային կեանքին վրայ։
- Ստեղծագործութիւնը Աստուծոյ ձեռագործն է։
- Երկինքը թէ՛ վիճակ է եւ թէ՛ տեղ եւ Սուրբ Երրորդութեան կեդրոնական բնակութեան վայրը։ Ան նաեւ սուրբ
հրեշտակներուն եւ հաւատացեալներուն յաւիտենական բնակավայրն է։
- Հրեշտակները երկնաւոր էակներ են եւ կը կենան հաւատացեալներու հոգիներու ծառայութեան համար։
- Սատանան գոյութիւն ունի որպէս անձ եւ կը հանդիսանայ չար աշխարհի իշխանը։ Դժոխքը նոյնքան իրական եւ յաւիտենական է որքան երկինքը։ Անիկա Սատանային, անոր հրեշտակներուն եւ բոլոր մեղաւորներուն տանջանքի տեղն ու վիճակն։
- Մարդը ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին եւ նմանութեան համաձայն։ Անոր մարմինը երկրի հողէն է, իսկ հոգին՝ Աստուծմէ։
- Մեղքը սկիզբ առաւ Սատանայէն։ Մարդը, միանալով Սատանային, մեղանչեց եւ դարձաւ հին մարդը։ Մեղքը կը զրկէ մարդը օրհնութենէ, դիրքէ, կեանքէ եւ Աստուծմէ։
- Յիսուս ծնաւ Կոյս Մարիամէն, իր արիւնը թափեց խաչին վրայ մարդկութեան մեղքերուն համար, մարմնով մեռելներէն յարութիւն առաւ, երկինք համբարձաւ եւ Աստուծոյ աջ կողմը նստաւ։ Ան այժմ կը միջնորդէ մեղաւորներուն համար եւ կը բարեխօսէ սուրբերուն համար։
- Քաւութիւնը ուղղուած է ամբողջ աշխարհի փրկագործութեան համար եւ հնարաւոր դարձած է Քրիստոսի փոխարինական զոհաբերութեամբ։
- Արդարացումը եւ վերստին ծնունդը կը նշանակեն նոր մարդ դառնալ՝ վստահելով Քրիստոսի կատարած գործին։
Մկրտութիւնը, Սուրբ Հոգիով լեցուիլը եւ սրբութեան կեանքը ապրիլը Աստուածային պահանջներ են, ինչպէս նաեւ՝ Եկեղեցւոյ բարոյական պարտականութիւնը։
- Եկեղեցին, տարբեր ըլլալով Հրեաներու եւ հեթանոսներու Աստուածային գործառութեան ժամանակաշրջաններէ, Քրիստոսի Մարմինն ու Հարսն է։
- Քրիստոսի Երկրորդ Գալուստը Եկեղեցիին յոյսն է։ Քրիստոսով ննջածները նախ յարութիւն պիտի առնեն եւ հաւատացեալներուն հետ միասին երկինք պիտի յափշտակուին։ Երկրի վրայ մնացողները պիտի դիմագրաւեն եօթը տարիներու նեղութեան շրջան մը, որմէ ետք Քրիստոս Իր սուրբերուն հետ պիտի իջնէ երկիր, պիտի կապէ Սատանան եւ պիտի հաստատէ Իր հազարամեայ թագաւորութիւնը։
- Վերջին դատաստանը. Հազարամեայէն ետք, Սատանան կարճ ժամանակով պիտի արձակուի։ Պիտի ըլլայ ընդհանուր յարութիւն եւ մեղաւոր մեռելներուն դատաստանը։ Չզղջացող մեղաւորները պիտի դատապարտուին յաւիտենական տանջանքի, իսկ հաւատացեալները՝ յաւիտենական երանութեան։
