top of page

Մեր Անձնակազմը

Ծանօթացէք մեր հոգեւոր հաւաքականութիւնը հովուող եւ յառաջ տանող անձնակազմին եւ նուիրեալ կամաւորներուն

vache_senior.png

Աւագ Հովիւ

Վեր. Վաչէ Էքմէքճեան

Ծնած ու հասակ առած եմ Հալէպ քաղաքի մէջ, Սուրիա, Քրիստոնէական ընտանիքի մէջ։ Հոգեբանութեան ճիւղի Պսակաւոր Արուեստից ուսումս ամբողջացուցած եմ Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանէն 1995ին, իսկ Մաքիստրոս Աստուածաբա-նութեան վկայեականս՝ Պէյրութի Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանէն 1997ին։ 
    Գործած եմ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան տարբեր եկեղեցիներէ ներս որպէս հովիւ։ 2010ին ընտանէօք տեղափոխուած եմ Հարաւային Գալիֆորնիա եւ ստանձնած եմ Immanuel Armenian Congregational Church of Downeyի աւագ հովիւի պաշտօնը։ 

 2017ին ամբողջացուցի երկրորդ մաքիստորսս, Capella համալսարանէն ներս (Minessota), Marriage and Family Therapy մասնագիտութեամբ։ Հայ Եղբայրութեան Եկեղեցիի հովիւ եմ 2019էն ի վեր։ Կ՚ապրիմ Փասատենա եւ կողակիցիս՝ Լենայի հետ կը վայելեմ երեք զաւակներու ծնողք ըլլալու օրհութիւնները։  

joseph_matossian.png

Պատուակալ Հովիւ

Վեր. Յովսէփ Մաթոսեան

    Շուրջ 23 տարիներ ծառայած եմ Հայ Եղբ. Աստուածաշունչի Եկեղեցին (1971-1994) եւ ապա այլ եկեղեցիներու եւ Հայ Աւետարանական Միութեան մէջ ծառայութիւններս աւարտելէ ետք, դարձեալ Եղբայրութեան Եկեղեցի վերադարձայ որպէս Պատուակալ Հովիւ։   

   Աւարտած եմ Azusa Pacific University եւ California School of Theology. Գործած եմ որպէս օգնական եւ ապա երիտասարդաց առաքելութեան հովիւ, երեց հովիւ՝ Immanuel Armenian Congregational Church of Downey, CA. եւ ապա 10 տարիներ որպէս Հիւսիսայի Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան Հովիւ։ 

55 տարուայ կողակիցս՝ Սիւզին եւ ես Տէրոջմով օրհնուած ենք չորս մանչ զաւակներով, հարսներով եւ ութ թոռներով։

vache_junior.jpg

Պատանիներու Առաքելութեան Հովիւ

Վեր. Վաչէ Սվաճեան

Աստուծոյ շնորհքով, Վեր. Վաչէ Սվաճեան Հայ Եղբ. Աստուածաշունչի Եկեղեցիի (ՀԵԱԵ) մէջ իր առաքելութիւնը սկսած է Օգոստ. 1, 2017ին, որպէս Պատանիներու եւ Մարզական Առաքելութեան հովիւ։ Վեր. Սվաճեան ՀԵԱԵ-ի անդամ է 2003էն ի վեր, յաճախելով զայն իր ծնողաց հետ իր մանուկ հասակէն։  ՀԵԱԵ-ի մէջ իր փորձառական ծառայութեան զուգահեռ, ան ամբողջացուցած է Մաքիստրոս Աստուածաբանութեան ուսումը։ Տարբեր եկեղեցիներու մէջ տարբեր մաշտաբով կատարած ծառայութիւններէ ետք, 2017ին Տէրը զինք առաջնորդած է Եղբայրութեան եկեղեցի։ 

    Վեր. Սվաճեան վկայեալ է UCLA Համալսարանէն Դիւանագիտական Գիտութիւններո տիտղոսով եւ Մաքիստրոս Աստուածաբանութեան՝ Talbot School of Theology Դպրոցէն։ 2025էն ի վեր ամուսնացած է իր կողակից Պէքա-ի հետ։ 

Երեցներ, Սարկաւագներ եւ Առաքելութիւններու Պատասխանատու Առաջնորդներ

Երեցներու ժողով
Յարութիւն եղբ. Աւետիսեան (Ատենապետ
Գէորգ եղբ. Գույումճեան
Զարեհ եղբ. Աստուրեան 
Ճորճ եղբ. Գարակէօզեան 
Գրիգոր եղբ. Տէր Կարապետեան

Սարկաւագներու ժողով
Նշան եղբ. Տէր Արթինեան (Ատենապետ)
Սագօ եղբ. Ապաճեան
Ալէն եղբ. Ալմասսի
Կարպիս եղբ. Քահքէճեան

Մանուկներու Առաքելութիւն
Հրակ եւ Մարիա Մըխճեան

Պատանիներու Առաքելութիւն
Վեր. Վաչէ Սվաճեան

 

Երիտասարդաց Առաքելութիւն
Արա եւ Լիլիթ Աստուրեան

Քոյրերու Ժողովի Առաքելութիւն
Սօսի քոյր Աստուրեան

ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ

Փասատենայի Հայ Եղբայրութեան Աստուածաշունչի Եկեղեցին իր արմատներով կը հասնի մինչև 20-րդ դարու սկզբը Կիլիկիայի մէջ տեղի ունեցած հոգևոր արթնութեան շարժումներուն: Հիմնադրուելով հաւատարիմ եղբայրներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնէն յետո, Եղբայրութեան եկեղեցին դարձաւ երկրպագութեան, հաւաքականութեան եւ աճման վայր մը, տարբեր դաւանանքներու պատկանող հայ հաւատացեալներու համար: Մենք մաս կը կազմենք Քրիստոսի մեջ միաւորուած Եղբայրութեան Եկեղեցիներու Համաշխարհային Միութեան, որոնք նուիրուած են Աստուծոյ Թագաւորութեան ծառայելու: Այսօր, մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ հաւատարմութեան համար եւ կը շարունակենք պատրաստուիլ Քրիստոսի երկրորդ վերադարձին:

ՀԱՍՑԷ

(626) 794-8717

 

1536 E. Washington Blvd., Pasadena, CA 91104

ՀԵՏԵՒԷՔ ՄԵԶԻ

Դուք կրնաք մեր ուղիղ հեռարձակումները, ձայնագրուած ծառայություններն ու միջոցառումները գտնել YouTube ABBC Pasadena եւ հետեւեալ առցանց հարթակներու վրայ

  • Instagram
  • Facebook
  • YouTube
bottom of page