Մեր Պատմութիւնը
Ինչպէս որ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին ծնաւ Մայր Եկեղեցիէն (Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցի), նոյնպէս ալ Հայ Եղբայրութեան Եկեղեցին ծնաւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիէն։
20րդ դարու սկիզբը, Կիլիկիոյ որոշ շրջաններ, ինչպէս՝ Խարբերդ, Մարաշ, Հասան Պէյ, Այնթապ եւ Ատանա, ականատես կ՚ըլլան հոգեւոր մեծ արթնութիւններու, ուր բազմաթիւ անձեր կ՚ապաշխարեն եւ իրենց կեանքը կը յանձնեն Յիսուս Քրիստոսի Տիրութեան։ Եռանդուն եւ կենդանի հոգեւոր միջավայր մը ունենալու փափաքով, անոնք կը միանան այն խումբին, որ ծագած էր Աւետարանական Եկեղեցիէն եւ կ’ունենար ոչ պաշտօնական հաւաքներ ու նման մտահոգութիւններ։ Այդ խումբը ծանօթ էր որպէս «Եղբայրութեան հաղորդակցութիւն» անունով։
Ցեղասպանութիւնը չարտօներ, որ այս խումբը ծաղկի Կիլիկիոյ մէջ։ Կոտորածներէն ետք, Հայ ժողովուրդի մնացորդացը կը գաղթէ Միջին Արեւելք եւ կը հաստատուի Իրաք, Սուրիա, Լիբանան եւ Եգիպտոս։ Եւրոպայ գաղթողները հիմնականօրէն կը հաստատուին Յունաստան եւ Ֆրանսա։ Այս երկիրներուն մէջ հաստատուածներուն մէջ կը գտնուին նախակարապետ հոգեւոր եղբայրներ, որոնք Աստուծոյ օգնութեամբ կը սկսին նման հաւաքներ, նախ տուներու մէջ, ապա՝ վարձու սրահներու, եւ վերջապէս, երբ թիւը կ՚աճի ու նիւթական միջոցները կ՚արտօնեն, կը տեղափոխուին եկեղեցական շէնքեր։
Հալէպ (Սուրիա) հաստատուածներուն մէջ էին Եղբայրներ Աբրահամ Սէֆէրեան, Մինաս Պոզօքլեան եւ Միհրան Գասարճեան։ Անոնք ժողովուրդը կը համախմբեն եւ կը սկսին ոչ պաշտօնական տնային Աստուածաշունչի սերտողութիւններ։ Խումբը կը բաղկացանար երեք յարանուանութիւններէ վերստին ծնած հաւատացեալներէ՝ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական։ Ժամանակի ընթացքին խումբը կ՚ընդարձակուի եւ կը ստանայ աւելի կազմակերպուած կարգավիճակ եւ կը կոչուի «Հոգեւոր Եղբայրութեան Եկեղեցի»։
Այս շարժումը հետզհետէ կը տարածուի այլ երկիրներու մէջ՝ տարբեր անուններով, ինչպէս Հայ Աւետարանական Եղբայրութեան Եկեղեցի, Հայ Եղբայրութեան Աստուածաշունչի Եկեղեցի եւ այլն։ Բազմաթիւ Եղբայրութեան Եկեղեցիներ պը հիմնուինն Միջին Արեւելքի մէջ, ինչպէս՝ Պէյրութ, Դամասկոս, Պաղտատ, Թեհրան, Գահիրէ եւ Աղեքսանդրիա։ Եւրոպայի մէջ՝ Վալանս, Փարիզ, Աթէնք։ Հարաւային Ամերիկայի մէջ՝ Պուէնոս Այրէս, Քորտոպա, Սան Փաուլօ եւ Մոնթեվիտէօ։ Հիւսիսային Ամերիկա գաղթած եղբայրները կը հիմնեն եկեղեցիներ Նիւ-Եորք, Ֆիլատելֆիա, Պոսթոն, Տիթրոյթ, Շիքակօ, Ֆրէզնօ, Լոս Անճելըս եւ Փասատենա։
Փասատենայի Հայ Եղբայրութեան Աստուածաշունչի Եկեղեցւոյ հիմնադիրը կ՚ըլլայ Վեր. Էֆլաթոն Է. Էլմաճեան, որ 1960-ականներուն իր պաշտօնի աւարտէն ետք ծառայութիւնը կը փոխանցէ Վեր. Վահրամ Թուրեանին։ 1971-ին, եօթ եղբայրներ իրենց ընտանիքներով կը բաժնուին եկեղեցիէն եւ կը հիմնեն նոր եկեղեցի մը, որ իր ժողովները կը կատարէ վարձու շէնքի մը մէջ՝ Washington եւ Holeston փողոցներու անկիւնը։ Հիմնադիր եօթ եղբայրներն էին՝ Վեր. Ճան Մարգ, Վեր. Յովսէփ Մաթոսեան, Տիգրան եղբ. Մաթոսեան, Աբրահամ եղբ. Ոսկերիչեան, Հայկազուն եղբ. Գույումճեան, Ժիրայր եղբ. Այնթապլեան եւ Մովսէս եղբ. Գասպարեան։ Անոնց մեծ մասը այսօր Երկինքի մէջ են։
Ամիս ետք, ժողովները եւ յաջորդ եօթ տարիներու համար, կը շարունակուին Մեթոտիստ եկեղեցի մը մէջ՝ Washington Blvd. եւ Pepper Dr. անկիւնը։ Ապա, կը գնուի Washington Blvd. եւ Bresee անկիւնը շէնք մը։ Սկիզբը, ժողովները կը կատարուին Bresee Nazarene եկեղեցիին մէջ 1979–1986 թուականներուն, մինչեւ որ եկեղեցին կը սկսի գործածել իր այսօրուան ներկայ վայրը։
Եկեղեցին 40 անդամներէ կ՚աճի եւ կը հասնի մինչեւ 280ի։ Առաւելաբար, աճը տեղի կ՚ունենայ Լիբանանէն, Իրանէն եւ Հայաստանէն նոր եկողներու միջոցով։ Եղբայրութեան Եկեղեցիները հիմնականօրէն կը ղեկավարուին աշխարհականներու կողմէ։ Նոյնը կ՚ըլլայ Փասատենայի եկեղեցւոյ պարագային, երբ վարչութիւնը, նկատի ունենալով եկեղեցիին աճը, կը հրաւիրէ Յովսէփ Մաթոսեանը՝ իբրեւ լման ժամանակով հովիւ։ Վեր. Մաթոսեան կը ծառայէ 1986–1994, ապա ծառայութիւնը փոխանցուի Սամուէլ եղբ. Փամբակեանին մինչեւ 2000, որմէ ետք՝ Վեր. Կալվին Սաղրեանին։
1998-ին եկեղեցին կը ձեռնարկէ շինարարական մեծ ծրագիրի մը՝ մօտաւորապէս երկու միլիոն տոլար արժողութեամբ։ Կը կառուցուին մարզասրահ, դասարաններ, գրասենեակներ եւ ինքնաշարժներու ընդարձակ parking։ Այս կառոյցները լայնօրէն կը ծառայեն Կիրակնօրեայ Վարժարանին, Աստուածաշունչի սերտողութիւններու, երիտասարդական գործունէութիւններուն, հանդիսութիւններուն եւ վարչական կարիքներուն։
Փասատինայի մէջ գտնուող Հայ Եղբայրութեան Աստուածաշունչի Եկեղեցին անդամ է Հայ Եղբայրութեան Եկեղեցիներու Միութեան, որ ունի 16 եկեղեցիներ, ներառեալ Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ գտնուող երկու եկեղեցիները՝ Կլենտէյլ եւ Հոլիվուտ։ Հոգեւոր ճշմարտութիւնները տարածելու եւ եկեղեցիները միաւորելու նպատակով, 1925-ին, Հալէպի մէջ սկսած է հրատարակուիլ «Մարանաթա» ամսաթերթը՝ խմբագրութեամբ Աբրահամ եղբ. Սէֆէրեանի եւ Մինաս եղբ. Պօզօքլեանի։ Կը Հրատարակուին նաեւ այլ պարբերականներ՝ «Աւելի Կեանք», «Ջահերթ» եւ «Երջանիկ Յոյս»։ Այս հրատարակութիւնները մեծապէս կը նպաստեն Հայ հոգեւոր գրականութեան եւ հազարաւոր ընթերցողներու հոգեւոր սնունդին։
Փասատինայի Հայ Եղբայրութեան Աստուածաշունչի Եկեղեցիի անդամները գոհութիւն կը մատուցան Աստուծոյ՝ այս հոգեւոր տան համար, ուր հաւատացեալները կու գան Տէրը երկրպագելու, Անոր Խօսքէն Հոգեւոր սնունդ առնելու, ծառայելու, հաղորդակցելու եւ Յիսուս Քրիստոսի վերադարձին պատրաստուելու։ Տէրը մեզ օգնած է մինչեւ այսօր. Ան եղած է մեր Աբենեզերը։ Թող Անոր անունը օրհնուի եւ փառաւորուի Իր հօտին մէջ։
